2015-10-29 08:17:00

Վաղը Վիեննայի մէջ Սուրիոյ վերաբերող բանակցութիւններ` Իրանի մասնակցութեամբ։


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ ուրբաթ օր Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողով մը, որուն հրաւիրուած են նաեւ Իրանը, Եգիպտոսը, Իրաքը եւ Լիբանանը:

Ան աւելցուց, որ նշեալ պետութիւնները Վիեննայի ժողովին հրաւիրելու գաղափարը կը պատկանի Ռուսիոյ, իսկ հրաւէրներու փոխանցումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ պիտի մասնակցի Վիեննայի ժողովին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարզիէ Աֆղամ յայտնեց. «Մենք սերտեցինք հրաւէրը, եւ որոշուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարը մասնակցի բանակցութիւններուն»:

Եգիպտոս եւ Իրաք եւս հաստատեցին, որ ընդունած են հրաւէրը:

«Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Զարիֆ երեքշաբթի օր հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկած է Վիեննայի ժողովին մասնակցութեան հարցը:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հետագային լրագրողներու յայտնեց, որ Ռուսիա կ՛ուզէ Սուրիոյ վերաբերող «երկխօսութիւնը ընդլայնել»:

Նշենք, որ Ֆրանսա եւս յայտարարեց, որ պիտի մասնակցի Վիեննայի ժողովին: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս ըսաւ, որ Փարիզ եւ անոր արաբ դաշնակիցները կ՛ուզեն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման յստակ ժամանակացոյց մը քննարկել:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ աջակցիլ Սուրիական ազատ բանակին եւ զայն կը նկատէ սուրիացի ժողովուրդին միակ ներկայացուցիչը:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու բանակի հրամանատարներու միացեալ յանձնախումբի նախագահ զօր. Ժոզեֆ Տանֆորտ Ծերակոյտին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ռազմական տեսանկիւնէն կրնայ Սուրիոյ մէջ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծել` աւելցնելով, որ խնդիրները քաղաքական եւ իրաւական բնոյթի են:








All the contents on this site are copyrighted ©.